Պետրոս Առաքեալի ընդհանրական Առաջին Նամակէն
Երէցնե՛ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայ եմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին որ պիտի յայտնուի, կ՛աղաչեմ ձեզի.- Ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ կամաւորաբար,ինչպէս Աստուած կ՛ուզէ: Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ յօժարութեամբ: Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք: